Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իր աւարտին հասաւ «Պան-քօ» տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, որուն աւարտական ճակատումը տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ):
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, «Քրետի Լիպանէ» դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` աւարտական մրցումին 58-53 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին:
Տիտղոսին տիրանալէ բացի, յաղթական կազմը ստացաւ օդանաւի 13 տոմսակ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) կատարուելիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչներուն կողմէ:
Տարբեր տեսակի մրցանակներ ստացան նաեւ այն մարզիկները, որոնք մրցաշարքին ընթացքին շարք մը կարեւոր իրագործումներ կատարեցին (լաւագոյն թրի-փոյնթ, էսիսթ, ռիպաունտ, մարզիկ, մարզիչ, եւ այլն):
Մրցաշարքի լաւագոյն էսիսթ կատարողը հանդիսացաւ Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին մաս կազմող, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ նախկին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, որ իր բաժակը ստացաւ «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական խմբագիր Վարդիվառ Գասապեանէն: