«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատուական գործակալութիւնը 2018 տարուան լաւագոյն մարզիկը ընտրեց ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզը: Ան հինգերորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
2018-ին թենիսի դաշտերը վերադառնալով ան հասաւ Ուիմպըլտընի եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու աւարտական հանգրուաններուն:
Վերոնշեալ գործակալութեան խմբագիրներուն կողմէ ան ապահովեց 93 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի մարմնամարզուհի Սիմոնա Պէյլզ (68 կէտ), իսկ եռեակը ամբողջացուց կին պասքեթպոլիստ Արիքէ Օկունպովալէ:



