Մարզական

Պարսելոնա 2018-ին Նշանակեց 147 Կոլ. Մեսսի Մասնակցեցաւ Գրեթէ Կէսին

2018 տարուան ընթացքին Պարսելոնա ընդամէնը նշանակած է 147 կոլ, տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին, այս գծով կը յայտնէ «Օփթա»: Նշուեցաւ, որ քաթալոնական ակումբի արժանթինցի խմբապետ Լիոնել Մեսսի այդ կոլերուն գրեթէ կէսին նպաստած է: Ան նշանակած է 47 կոլ եւ կատարած 23 էսիսթ:  

«Մէյճըր-Լիկ». Ֆրանք Տը Պէօր` Աթլանթա Եունայթըտի Մարզիչ

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ֆրանք տը Պէօր նշանակուեցաւ, «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Աթլանթա Եունայթըտի մարզիչ: 2014-ին հիմնուած այս ակումբը վերջերս հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր նախկին մարզիչն էր Պարսելոնայի նախկին մարզիչ, արժանթինցի մասնագէտ Խեխարտօ Մարթինօ, որ վերջերս հեռացաւ ամերիկեան ակումբէն: 48 տարեկան Տը Պէօրի նախկին աշխատավայրն էր Քրիսթալ Փալասը: Ան եղած է նաեւ Այաքս Ամսթերտամի եւ Ինթեր Միլանի մարզիչ:  

Մոնաքոյի Արդիւնքը Եւրոպայի 5 Լաւագոյն Ախոյեանութիւններուն Ամէնէն Վատը` Հանրիի Նշանակումէն Ետք

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրիի գլխաւորութեամբ, Մոնաքօ տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին կրած է 9 պարտութիւն: 13 հոկտեմբերէն ետք այս արդիւնքը վատագոյնն է Եւրոպայի 5 լաւագոյն ախոյեանութիւններուն (Սպանիա, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա) ընթացքին, այս գծով կը յայտնէ «ՕՓԹԱ»: 41 տարեկան Հանրի, որ 13 հոկտեմբերին ստանձնեց Մոնաքոյի մարզիչի պաշտօնը, այժմ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 18-րդ հանգրուանէն ետք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Հինգերորդ Յաղթանակը` 74-66 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Սաժեսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Հինգերորդ Յաղթանակը` 74-66 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Սաժեսը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը Ղազիրի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Սաժեսին: Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումէնPROFOTO Հիւրընկալ կազմը մրցումը սկսաւ մէկ յաղթանակով եւ չորս պարտութեամբ, մինչ ՀՄԸՄ` չորս յաղթանակով եւ մէկ պարտութեամբ: Երկու խումբերն ալ մրցումը սկսան բաւական դանդաղ ձեւով` նկատի ունենալով, որ առաջին քորթըրը աւարտեցաւ 12-11...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ահլի Սայտա` 5-0

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ահլի Սայտան: Միքայէլ Նորաշխարհեան, Երուանդ-Վարդգէս Մանասերեան, Խաչիկ Սերոբեան, Սեւակ Օհանեան եւ Էլիօ Պու Ղազալէ նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը:

«ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ». Մինի Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

Շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, «Աղբալեան - ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի վերի դաշտին վրայ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի կազմակեպած Մինի պասքեթպոլի մրցումներուն շարունակութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք արդիւնքները եւ ընդհանուր դասաւորումը. ՏՂԱՔ   Ճեմարան - Մխիթարեան վարժարան 24 - 12 Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան - Ազգային միացեալ վարժարան 10 - 12 Ճեմարան - Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ 46...

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռէալ Մատրիտ եւ Այն խումբը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Արքայական ակումբը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Այնի: Լուքա Մոտրիչ (14-րդ), Մարքոս Լիորենթէ (60-րդ), Սերճիօ Ռամոս (79-րդ) եւ Եահիա Նատեր (91-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը,...

Կռփամարտ. Մելինէ Դալուզեանին Կը Սպառնայ Որակազրկում

2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած հինգ ծանրաբարձներուն վրայ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնքներ: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը վերստուգում կը կատարէ: Դրական արդիւնք տուաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մելինէ Դալուզեանի քննութիւնը: Լոնտոնի ողիմպիականին ան գրաւած էր 14-րդ դիրքը: Մնացեալ ծանրաբարձներն են` ախոյեան Ալեքսէյ Թորոխթին (Ուքրանիա), պրոնզէ մետալակիր Վալենթին Խրիսթով (Ազրպէյճան), ողիմպիականի ախոյեան Ռուսլան Նուրուտինով (Ուզպեքիստան) եւ 4-րդ հանդիսացած...

Էտեն Հազար` Պելճիքայի 2018 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էտեն հազար մարզական լրագրողներուն քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2018 տարուան Պելճիքայի լաւագոյն մարզիկը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը վերջին հինգ տարիներուն երրորդ ֆութպոլիստն է, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին: Երկրորդ դիրքը գրաւեց մարաթոնեան վազող Քոէն Ներթի, իսկ երրորդ դիրքը` ձմեռնային ողիմպիական խաղերու մետալակիր, չմշկող Փարթ Սվինսըն:  

«Քալչիօ». Եուվենթուս Շարունակեց Մնալ Անպարտելի

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Եուվենթուս շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ իր դաշտին վրայ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Ա. Էս. Ռոմային: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց խրուաթ` Մարիօ Մանծուքիչ (35-րդ): Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, թէեւ պրազիլցի Տուկլաս Քոսթա արդիւնքը կրկնապատկեց, սակայն կեդրոնի իրաւարարը նշանակուած այդ կոլին կրկնապատկերը դիտելէ ետք զայն չեղեալ նկատեց: Եուվենթուս, որ այժմ ունեցաւ 49...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց` Տեմպելէի Եւ Մեսսիի Նշանակած Կոլերուն Շնորհիւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնա, 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սելթա Վիկոյին (11-րդ): Ուսման Տեմպելէ (10-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (45-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը: Պարսա, որ այժմ ունեցաւ 37 կէտ, 3 կէտով կը գերազանցէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էսփանիոլին, բարձրացաւ 2-րդ դիրք` գերազանցելով Սեւիլլան, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ...

«Փրեմիեր Լիկ». Սոլսքիար Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Լիվըրփուլ` Ցարդ Անպարտելի Քարտիֆ - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումէն Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի խումբը` 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վուլվզի դաշտէն: Մոհամետ Սալահ (Եգիպտոս) նշանակեց Լիվըրփուլի առաջին կոլը (18-րդ), մինչ երկրորդ կոլը նշանակեց Վիրճիլ Վան Տիյք (Հոլանտա)` 68-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ 4...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթական Ֆրանքֆորթի Դաշտին Վրայ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտէն: Ֆրանք Ռիպերի նշանակեց 2 կոլ, մինչ երրորդը` Ռաֆինիա: Պայէրն այժմ 6 կէտով ետ է Պորուսիա Տորթմունտէն, որ հանդիսացաւ երթի ախոյեան: Անիկա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Վաղը Կ՛աւարտի 7-րդ Հանգրուանը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, երբ ժամը 17:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Պէյրութը: Ռիատի - Մութթահետ մրցումէնPROFOTO Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Սակայն նկատի ունենալով, որ մարզադաշտին մէջ նորոգութեան աշխատանքները ցարդ չեն աւարտած, մրցումը տեղափոխուեցաւ Սատաքայի դաշտ: Ժամը կը մնայ անփոփոխ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Եուվենթուս – Ա. Էս. Ռոմա

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական տաք եւ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Եուվենթուս - Ա. Էս. Ռոմա ճակատումը: Այլ հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Պարսելոնա եւ Սելթա Վիկօ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Արսենալ (5) - Պըրնլի (18)...

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան Կը Շարունակէ Մնալ Յառաջատար

Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Միտչես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մանուէլ Պետրոսեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Ալվարօ Ալոնսոյի հետ: Հայ կրանտմասթըրը, որ ունի 6 կէտ, Ալոնսոյի եւ Քրիշնան Սասիքիրանի (Հնդկաստան) հետ կը գլխաւորէ դասաւորման առաջին դիրքը: 8-րդ հանգրուանին Պետրոսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ուքրանացի Վասիլի Իվանչուք: Հայաստանի միւս երկու ներկայացուցիչները` Տիգրան Յարութիւնեան եւ Վահէ Պաղտասարեան, յաջորդաբար...

Ճատրակ Լիլիթ Մկրտչեան Չկրցաւ Յաջողութեան Հասնիլ Շարժայի Մէջ

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականին մաս կազմող Լիլիթ Մկրտչեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Շարժայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, չկրցաւ մրցանակային դիրք գրաւել եւ հանդիսացաւ 8-րդ: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քարինա Շչեփքովսքայայի (Լեհաստան) հետ եւ մրցաշաքը աւարտեց 6,5 կէտով: Ան բաժնեց 6-13-րդ դիրքերը, բայց լրացուցիչ ցուցանիշներով հանդիսացաւ 8-րդ: Սոնա Ասատրեան...

Վնասուածքի Պատճառով` Գեղարդ Մուսասի Պիտի Չկարենայ Մասնակցիլ Ախոյեանութեան Մենամարտին

«Պելաթոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեան, Հոլանտայի մէջ բնակող «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի (Մովսէսեան) մէջքը վնասած ըլլալով պիտի չմասնակցի ամերիկացի Ռաֆայէլ Լովաթօ կրտսերի դէմ մենամարտին: Այս մասին յայտնեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ը: Հայ մարտիկը տիտղոսը պէտք էր պաշտպանէր 26 յունուար 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ինկլվուտ քաղաքին մէջ: Անոր ստացած վնասուածքին լրջութեան մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չկան, եւ...

Հենրիխ Մխիթարեան Վնասուածք Ունի

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը աջ ոտքի ոտնամատի վնասուածք ունի: Այս գծով յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այնպէս կը թուի, որ այդ վնասուածքը այդքան ալ ծանր չէ` նկատի ունենալով, որ նշուեցաւ, թէ Պըրնլիի դէմ այսօր տեղի ունենալիք Անգլիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումի անոր մասնակցութեան հարցը պիտի յայտարարուի մրցումէն առաջ:  

Page 754 of 1278 1 … 753 754 755 … 1,278

Արխիւներ