Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Մարկարիթա Գասպարեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յունուար 2019-ին նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունենալիք Օքլենտի թենիս միջազգային մրցաշարքին, յայտնեց Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան պիտի փոխարինէ չեխ Մարթետա Վոնտրուշովան:
24 տարեկան Գասպարեան 2018 թուականին «Տապըլիու. Թի. Էյ.»-ի միջազգային դասաւորումը աւարտեց 92-րդ դիրքին վրայ:
Ծանր վնասուածքի եւ երեք վիրաբուժութիւններու պատճառով ան 2018-ին չորս ամիս բացակայեցաւ դաշտերէն: Բայց եւ այնպէս ան յաջողեցաւ վերադառնալ լաւագոյն հարիւրի շարքին:



