«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ հանդիպումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ բաւական կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դաշտէն` 127-101 արդիւնքով:
Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 20-րդ յաղթանակը, մինչ Ուորիըրզ կրեց իր 12-րդ պարտութիւնը:

Պոսթըն Սելթիքս երկարաձգումէն ետք 121-114 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 40 կէտ:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթց` 113-109 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Օքլահոմա Սիթին: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 41 կէտ:
Միլուոքի Պաքս 109-95 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն, մինչ հինգերորդ եւ վերջին մրցումին, Եութա Ճեզ 117-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:


