Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիչի Եւ Մարզիկի Ընտրութիւն. Փիցելլի Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ Գերազանցեց Մխիթարեանը Եւ Արժանացաւ Տիտղոսին

December 25, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերին, ամփոփեց տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ տարուան լաւագոյն մարզիչի քուէարկութեան արդիւնքները:

Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Աքթոպէի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ այսպիսով եկաւ ընդհատելու յառաջխաղացքը Հենրիխ Մխիթարեանի, որ վերջին եօթը տարիներուն ընտրուած էր եւ տիրացած այս տիտղոսին:

34 տարեկան Փիցելլի առաջին անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս պատիւին:

Ան Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան (33 հանգրուան) ծիրին մէջ 24 մրցումի ընթացքին նշանակեց 18 կոլ եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, կոլ-սքորըրը եւ լաւագոյն կոլի հեղինակը: Ան կատարած էր նաեւ 10 էսիսթ:

Տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին տիրացաւ Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Անտրէ Թալալայեւ, որուն գլխաւորութեամբ երեւանեան ակումբը այս տարեշրջանին դարձաւ հայկական ֆութպոլի պատմութեան միակ խումբը, որ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով զտումի առաջին երկու հանգրուաններուն յաղթանակ արձանագրեց:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ, այժմ Արարատ – Արմենիան գլխաւորող Վարդան Մինասեան չմասնակցեցաւ լաւագոյն մարզիչի քուէարկութեան:

Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան, Մինասեան Մխիթարեանի անունը նշեց առաջին, Փիցելլիինը` երկրորդ, իսկ Վարազդատ Հարոյեանինը` երրորդ:

Նշենք, որ քուէարկութեան ընդհանրապէս չմասնակցեցաւ նաեւ Շիրակ Գիւմրի:

Այստեղ պէտք է նշել, որ լաւագոյն ֆութպոլիստը եւ մարզիչը կ՛ընտրեն միայն լրատուամիջոցներու եւ ակումբներու ներկայացուցիչները: Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց ունի մէկ ձայնի իրաւունք:

Ստորեւ` քուէարկութեան արդիւնքները.

ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ.  
1.- Մարքոս Փիցելլի (Աքթոպէ, Ղազախստան) 171 կէտ
2.- Հենրիխ Մխիթարեան (Արսենալ, Անգլիա) 119 կէտ
3.- Սարգիս Ադամեան (Եան Ռեկենսպուրկ, Գերմանիա) 32 կէտ
ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉ.  
1.- Անտրէ Թալալաեւ (Փիւնիկ) 70 կէտ
2.- Արմէն Գիւլբուդաղեանց (Հայաստանի ազգային հաւաքական) 60 կէտ
3.- Վարդան Բիչախչեան (Շիրակ) 55 կէտ
Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան Պրոնզէ Մետալի Տիրացաւ Տոհայի Մէջ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ 10 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.