Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գագիկ Ծառուկեան Պարգեւատրեց Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկները

December 27, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան 25 դեկտեմբերին ողիմպիական աւանին մէջ պարգեւատրեց Հայաստանի տարուան լաւագոյն մարզիկները:

Նախապէս որոշուած էր, որ այս տարի պիտի պարգեւատրուին ոչ թէ Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկները, այլ միայն` ողիմպիականի ախոյեանները, մետալակիրները եւ Եւրոպայի ախոյեանները:

Պարգեւատրուողներուն կարգին եղան Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի ախոյեան), Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ, Եւրոպայի ախոյեան), Գոռ Մինասեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի փոխախոյեան), Մաքսիմ Մանուկեան (ըմբշամարտ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր), Արթուր Շահինեան (ըմբշամարտ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր) եւ Ֆերտինանտ Կարապետեան (Ժիւտօ, Եւրոպայի ախոյեան):

Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան, բնակարաններ ստացան Երեւանի մէջ, իսկ մնացեալ չորսը` «Հիյունտայ» վաճառանիշով ինքնաշարժներ:

Այս հանդիսութեան ներկայ չէր միայն Արթուր Ալեքսանեան, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ եւ այդտեղ վերականգնողական փուլէ կ՛անցնի:

Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ այս միջոցառման ընթացքին «Նիւզ-ամ-Սփոր»-ի թղթակից Լուսինէ Շահբազեան Գագիկ Ծառուկեանին հարցուց, թէ ինչո՞ւ չեն պարգեւատրուեր տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներուն շարքին գտնուող Վլատիմիր Յարութիւնեան եւ Լեւ Սարգսեան, (Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրներ), ինչպէս նաեւ` Էտկար Ստեփանեան (հեծելարշաւ, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան): Ծառուկեան իրեն ուղղուած այս հարցումէն ետք Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանին յանձնարարեց, որ վերոնշեալ երեքին, ինչպէս նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Կարէն Ասլանեանին նուիրուին ինքնաշարժներ:

Երեւանի մէջ բնակարան ստացաւ նաեւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան:

 

 

Նախորդը

Եուրա Մովսիսեանը` 2018-ի Ամէնէն Արագ Հեթրիքի Հեղինակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 65-57 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Ռիատիի Մանարայի Դաշտէն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.