Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող «Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ (10 հանգրուան), երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 6-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին սեւ քարերով յաղթեց անգլիացի կրանտմասթըր Նայճըլ Շորթին` արձանագրելով իր 4-րդ յաղթանակը: Այս մրցումը աւարտեցաւ 52-րդ շարժումին:
6-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան, որ ապահոված է 5 կէտ, 6 ուրիշներու հետ կը գլխաւորէ առաջին դիրքը:
Այս հանգրուանին Հրանդ Մելքումեան սեւ քարերով պարտուեցաւ ուքրանացի Մարիա Մուզիչուքէն, մինչ Էլինա Դանիէլեան պարտուեցաւ անգլիացի Էշլի Սթիուըրտէն:



