Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մոնփելիէ ընդհատեց 5 մրցումի առանց յաղթանակներու իր շարքը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քանի (17-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Միշել Տէր Զաքարեանի գլխաւորած խումբը իր կոլերը նշանակեց 51-րդ եւ 59-րդ վայրկեաններուն: Մոնփելիէ այժմ 35 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Ռեննին: Էտինսոն Քաւանի նշանակեց Սեն Ժերմենի երկու կոլերը:
Մարսէյ Լիլէն կրեց տարեշրջանի իր 8-րդ պարտութիւնը (2-1):



