Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 27 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Աթլասի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ խումբին մարզիկներէն` ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, ցուցադրելով տպաւորիչ ելոյթ մը:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ (Պաուշրիէ) Հուփս կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի, երկուշաբթի, 28 յունուարին, երբ ժամը 20:30-ին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին, Ռիատի կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը Շանվիլէն` 85-75 արդիւնքով, Տիք Մըհտիի մէջ: