Արագ ճատրակի Հայաստանի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Փոխախոյեան հանդիսացաւ Շանթ Սարգսեան, որ ախոյեանէն ետ մնաց կէս կէտով: Իսկ երրորդ հանդիսացաւ Արամ Յակոբեան` 6,5 կէտով: Ան լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց 6 ուրիշներու, որոնք եւս ապահոված էին 6,5-ական կէտ:
Դասական ճատրակի Հայաստանի ախոյեանութեան, Մարտիրոսեան չէր կրցած պաշտպանել տիտղոսը` հանդիսանալով փոխախոյեան: Ախոյեան հանդիսացած էր Արման Փաշիկեան:
Ախոյեաններուն եւ մրցանակակիրներուն պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:



