Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ գոյատեւելու համար պայքար մղող Մոնաքօ, հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ ժամանակաւորապէս կասեցուց խումբի մարզիչ Թիերի Հանրիի լիազօրութիւնները:
Ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Ֆրանք Փասի:
Իշխանապետական կազմը այժմ բանակցութիւններու մէջ է, որ Լէոնարտօ Ժարտիմի վերադառնայ իր պաշտօնին:
Նշենք, որ երէկ աւելի ուշ, «Նիս Մաթեն» յայտարարեց, որ Մոնաքօ` Հանրիին պիտի վճարէ 10-15 միլիոն եւրօ փոխհատուցում, անոր պայմանագրութիւնը ժամանակէն շուտ խզելուն համար:



