Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, գործող ախոյեան, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ցարդ անպարտելի Եուվենթուս երէկ գիշեր արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լացիօ Ռոմայի դաշտէն:
Եուվէի յաղթանակի կոլը նշանակեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ` փենալթիով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս այժմ ունի 11 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիի վրայ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ:
Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրն էր Աթալանթայի, չկրցաւ իր ունեցած երեք կոլի առաւելութիւնը պահել անոր վրայ եւ հանդիպումը աւարտեց 3-3 հաւասարութեամբ: Էտին Ծեքօ նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի 2 կոլերը:
Իսկ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր, 1-0 արդիւնքով պարտութիւ՛ն մը կրեց Թորինոյի դաշտին վրայ:



