Հոլանտայի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քաթվիյք, որ հիւրընկալեց Տէ Թրեֆերսը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Նոյրայր Ասլանեան (73-րդ):
27 տարեկան Ասլանեան, որ նշանակեց այս տարեշրջանի իր չորրորդ կոլը, իր նշանակած այդ կոլէն մէկ վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:



