Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Պըրժի դէմ:
Այս մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ:
Թէեւ երթի մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրեց ոչ այդքան լաւ արդիւնքներ, սակայն այժմ խումբին համար կը սկսի նոր հանգրուան մը:
Պարտութիւններու այդ շարքը պէտք է մոռնալ եւ այժմ դիմել յաղթանակներ կերտելու քայլերու, որոնք շատ կարեւոր կը նկատուին խումբին համար:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի լաւապէս գործադրել իրենց նոր մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի ցուցմունքները` առաւելագոյն երեք կէտերը խլել կարենալու համար այսօրուան իրենց մրցակիցներէն, ինչպէս նաեւ նոյն ընթացքը շարունակելու յաջորդող մրցումներուն:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Ահտի դաշտին վրայ, Ահլի Սայտա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մապարրային, իսկ Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Ահլի Նապաթիէ նոյն արդիւնքով յաղթեց Շապապ Արապիին:
Նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ահտ (Ա. դասակարգ)` Պեքաա խումբին դէմ:
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. | ||
ՇԱԲԱԹ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Թրիփոլի – Ախա Ահլի Ալէյ | 14:15 | Թրիփոլի |
Սալամ Զղարթա – Շապապ Ղազիէ | 14:15 | Զղարթա |
Թատամոն Սուր – Շապապ Սահել | 14:15 | Սուր |
Նըժմէ – Ռասինկ | 16:00 | Սայտա |
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
Սաֆա – Անսար | 14:15 | Պհամտուն |
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. | ||
ՇԱԲԱԹ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
ՀՄԸՄ – Պըրժ | 14:15 | Պհամտուն |
Շապապ Պըրժ – Նասեր Պար Էլիաս | 14:15 | Ահտ |
Սաժես – Իժթիմահի | 14:15 | Սաֆա |
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Նահտա Պար Էլիաս | 14:15 | Սուր |
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. | ||
ՇԱԲԱԹ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
Ուահտեթ Մըրժ – ՀՄՄ | 14:15 | Խիարա |
ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. | ||
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
ՀՄԸՄ – Շարք | 12:00 | Մապարրա |