Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Հանովըր-96-ը:
Այժմ Տորթմունտ 6 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխը, որ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շթութկարթը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պայէրնի վերջին կոլը (84-րդ):