Գերմանացի մասնագէտ Տէյվիտ Վակնըր նշանակուեցաւ Շալքէի մարզիչ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբը 47 տարեկան Վակնըրի հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2019-2020 տարեշրջանին աւարտը:
«Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին նախօրեակին, Շալքէ կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: