Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ 3 մրցումով կախակայեց Փարիզ Սեն Ժեմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը` Ռեննի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումէն ետք համակիրի մը հրելուն եւ հարուածելուն համար:
Այս միջադէպը տեղի ունեցաւ, երբ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստները պատուոյ թրիպիւն կը բարձրանային իրենց արծաթէ մետալները ստանալու համար: