Իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ պիտի նշանակուի Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Լուչիանօ Սփալեթթին, յայտնեց իտալական մամուլը: 49 տարեկան մասնագէտը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Ինթեր նպատակ ունի նաեւ այս ամրան ընթացքին խումբին միացնել Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուն:
Քոնթէ, որ նախապէս Չելսիի մարզիչն էր, 2016-ին իր կազմին հետ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան: