Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրի որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ իր ակումբէն:
Ակումբին նախագահը եւ Ալեկրին իրարու հետ տարակարծութիւններ ունին մարզիկներու փոխանցման հարցին առնչութեամբ, կը յայտնէ իտալական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ իտալացի մասնագէտը կը քննարկէ Փարիզ Սեն Ժերմենէն իրենց ներկայացուած առաջարկ մը:
Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, որոնք այդքան ալ պաշտօնական չեն, Ալեկրին փոխարինողը պիտի ըլլայ Անթոնիօ Քոնթէ, որ նախապէս գլխաւորած է Եուվենթուսը: