Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մայիսին տեղի պիտի ունենայ լողարշաւի 2-րդ բաց մրցումը, Ճիւնիի ծոցին մէջ:
Նկատի առնուած են 1, 3 եւ 6 քիլոմեթրի տղոց եւ աղջկանց մրցումներ` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. 15 տարեկան եւ վար, 16-20 տարեկան, 21-39, 40-49 եւ 50 եւ վեր:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ դիւրացնելու համար իրենց եւ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին աշխատանքը, արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդած են երկուշաբթի, 20 մայիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Արձանագրութեան համար պէտք է կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ երկու թիւերէն մէկուն. 03-954609 եւ 03-728333: