Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին ոչինչ կը սպառնայ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին ընթացքին, յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ:
Մխիթարեան Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ «սեւ ցանկ»-ի վրայ կը գտնուի` բազմիցս Արցախ այցելելուն պատճառով:
«Մենք երաշխիքներ պահանջած ենք, որ Մխիթարեան ոչ մէկ խնդիր ունենայ: Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հաստատեց, որ Մխիթարեան Ազրպէյճան մուտքի եւ Պաքուի մէջ կեցութեան հետ կապուած ոչ մէկ խնդիր պիտի ունենայ: Անոր անվտանգութեան համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրուին», նշեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն:
«Եւրոպայի լիկա»-ի աւարտականի ճակատումին, 29 մայիսին Պաքուի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Արսենալ եւ Չելսի: