Ուորիըրզ – Ռոքեթց` 3-2
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան («փլէյ-օֆ») ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան կիսաւարտականի երկու ճակատումներ:
Միլուոքի Պաքս հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը (արեւելեան շրջան), երբ 4-1 արդիւնքով գերազանցեց Պոսթըն Սելթիքսը` արձանագրելէ ետք 116-91 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Հիուսթըն Ռոքեթցը (արեւմտեան շրջան)` 104-99 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը: Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 27 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին, մինչ Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց)` 31 կէտ:
Կիսաւարտականի մնացեալ երկու ճակատումները կ՛ընթանան 3-2 արդիւնքով:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ կը գերազանցէ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը, մինչ Տենվըր Նակեթց` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը: