Իտալացի անուանի գործակատար Մինօ Ռայոլա 3 ամիսով զրկուեցաւ ֆութպոլի գծով որեւէ տեսակի գործունէութեամբ զբաղելու կարելիութենէն:
Այսպիսի որոշում տուաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, յայտնեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական անուանի օրաթերթը:
Անոր որակազրկումին պատճառը չի նշուիր:
Անոր եղբայրը` Վինչենցօ, ֆութպոլէն հեռացուեցաւ 2 ամիսով:
Երկու գործակատարները մինչեւ 9 օգոստոս չեն կրնար մասնակցիլ իտալական ակումբներու հետ բանակցութիւններու:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռայոլա կը համագործակցի անուանի ֆութպոլիստներու հետ, որոնց կարգին է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: