Երէկ գիշեր տեղի ունեցած Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան այն երկու խումբերը, որոնք աւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ:
Արսենալ, որ երթին իր դաշտին վրայ յաղթած էր Վալենսիային (3-1), երէկուան մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 4-2 արդիւնքով:
Փիեռ Էմերիք Օպամեյանկ հեթրիք մը իրագործեց (17-րդ, 69-րդ եւ 88-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Ալեքսանտր Լաքազեթ (50-րդ):
Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին Արսենալի հետ դաշտ ներկայացաւ 62-րդ վայրկեանին:
Աւարտականին, որ պիտի ըլլայ զուտ անգլիական, Արսենալ պիտի մրցի Չելսիի դէմ, որ փենալթիներով (4-3) յաղթեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին:



