Մարզական

Տանիելէ Տէ Ռոսսի Պիտի Հեռանայ Ա. Էս. Ռոմայէն

Ա. Էս. Ռոմայի խմբապետ Տանիելէ Տէ Ռոսսի, այս տարեշրջանին աւարտին պիտի հեռանայ իր կազմէն: Լուրը հաղորդեց, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Բայց եւ այնպէս 35 տարեկան իտալացի միջնապահը մտադիր չէ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, որովհետեւ կ՛ուզէ այս ամրան միանալ այլ խումբի մը: Ան Ա. Էս. Ռոմայի հետ իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ 26 մայիսին, Փարմայի դէմ տեղի ունենալիք Քալչիոյի վերջին հանգրուանի...

Վալվերտէ Կրնայ Մնալ Պարսելոնայի Մարզիչ, Եթէ…

Պարսելոնայի մարզիչ Էրնեսթօ Վալվերտէ շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին աւարտէն ետք չկորսնցնէ իր պաշտօնը` որոշ պայմանով: Մարքա կը յայտնէ, որ վերջերս ան հանդիպած է ակումբին ղեկավարութեան հետ եւ ստացած անոր աջակցութիւնը: Այդ որոշումը կրնայ փոխուիլ եթէ Պարսելոնա Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին չկարենայ յաղթել Վալենսիային: Հետեւաբար, ըստ Մարքայի, եթէ Վալվերտէ կ՛ուզէ` մնալ քաթալոնիական ակումբին մարզիչը, պէտք է տիրանայ վերոնշեալ բաժակի մրցաշարքին...

«Եւրոպայի Լիկա». Աւարտական Մրցումին Իրաւարարները` Իտալիայէն

29 մայիսին տեղի պիտի ունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը Պաքուի մէջ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ աւարտականի այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Իտալիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ճիանլուքա Ռոքի, կողմի իրաւարարները` Ֆիլիփօ Մելի եւ Լորենցօ Մանկանելլի, իսկ չորրորդը` Տանիելէ Օրսաթօ:

Պրազիլցի Իրաւարարը Մահացաւ Ֆութսալի Մրցումի Մը Ընթացքին

Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած Ինթել - Թաուպիթ ֆութսալի մրցումի ընթացքին արձանագրուեցաւ դժբախտ պատահար մը: Օրուան պրազիլցի իրաւարարը` Իսիլտօ Ֆապիանօ Պիանքի, սրտի կաթուած մը ունենալով, մահացաւ: Կազմակերպիչները որոշեցին մրցումը չշարունակել: 44 տարեկան իրաւարարը իր ուշքը կորսնցուց եւ գետին ինկաւ մրցումին սկսելէն երկու վայրկեան ետք միայն: Ան մահացաւ հիւանդանոց փոխադրուելու ճամբուն վրայ: Ֆապիանօ կը նկատուի Պրազիլի լաւագոյն իրաւարարներէն մէկը: Ան...

Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Կախակայել Մանչեսթըր Սիթին

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ մօտերս տրուելիք մէկ որոշումին, ըստ որուն, վերոնշեալ կազմակերպութիւնը կրնայ Մանչեսթըր Սիթին կախակայել` եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն մասնակցելէ: Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Սիթի խախտած է ֆեր-փլէյ-ի կանոնը: Նշենք, որ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Սիթի յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ին:  

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմակերպած Տարիքային Մրցաշարքին Մասնակցեցան 60 Երկսեռ Խաղացողներ

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմակերպած Տարիքային Մրցաշարքին Մասնակցեցան 60 Երկսեռ Խաղացողներ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 12 մայիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու: Տեղի ունեցան 8, 10, 12 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ: 8 տարեկանէն վար 2-րդ դիրքը գրաւեց Նարեկ Փակալեան (4 կէտ), իսկ աղջկանց պարագային 3-րդ հանդիսացաւ Ալիք Գրիգորեան (3 կէտ): 10 տարեկանէն...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Հանդիսացաւ Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Սքուատրա հիւրընկալեց Պէյրութը: Պէյրութ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, այս մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրելով (46-40) հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան: PROFOTO Այսպիսով, Պէյրութ 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ, մինչ Սքուատրա փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի...

Քարթինկ.  Ռալֆ Եւ Քարլ Էթիեմեզեան Եղբայրները` Առաջին Դիրքերուն Վրայ

Քարթինկ. Ռալֆ Եւ Քարլ Էթիեմեզեան Եղբայրները` Առաջին Դիրքերուն Վրայ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 12 մայիսին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քարթինկի 2019-ի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը: «ԷՔՍ.-30-Ժունիոր»-ի մրցումին, Ռալֆ Էթիեմեզեան (12 տարեկան) յաջողեցաւ բաւական լաւ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւել առաջին դիրքը: Իսկ «ԷՔՍ.-30 Սինիըր»-ի մրցումին, անոր եղբայրը` Քարլ Էթիեմեզեան (14 տարեկան), գրաւեց 2-րդ դիրքը: Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Ռալֆ կը գրաւէ առաջին դիրքը`...

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն Յաղթեց Պարսելոնայի Մէջ Եւ Դարձաւ Յառաջատար

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեշրջանի 5-րդ կրան-փրին, Սպանիոյ մէջ` Քաթալոնիոյ վազքուղիին վրայ: Անիկա աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 35' 50" արդիւնք մը: Անոր խմբակից Ֆինլանտայի Վալթերի Պոթթաս գրաւեց 2-րդ դիրքը (4" ուշ), մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն («Ռետ-Պուլ»)` 7" ուշացումով: Իր...

Թենիս. Ճոքովիչ Տիրացաւ «Մատրիտ Մասթըրզ»-ի Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Մատրիտ-Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի ճակատումը: Աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկ սերպ Նովաք Ճոքովիչ տիրացաւ տիտղոսին` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սթեֆանոս Ցիթիփասին (Յունաստան): Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 33 վայրկեան: Այսպիսով, 31 տարեկան Ճոքովիչ տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 74-րդ, իսկ այդ տարուան իր երկրորդ տիտղոսին: Տարեսկիզբին ան բարձրացուցած...

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Պետրոսեան Հեռացաւ Լոռիէն

Արթուր Պետրոսեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը` Վանաձորի Լոռիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Հրաժարականի դիմումը արդէն իսկ ընդունուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Վահէ Գէորգեան, որ Պետրոսեանի օգնականներէն մէկն էր: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչը Լոռին կը գլխաւորէր 25 դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր:  

«Բոլոր Կարելիութիւնները Պիտի Սերտենք, Որպէսզի Պաքու Մեկնինք Մխիթարեանի Հետ» Ըսաւ Ունայ Էմերի

Լոնտոնեան Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին մասնակցութեան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին` Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: «Թէեւ ատիկա քաղաքական հարց մըն է, որուն մանրամասնութիւններուն այդքան ալ տեղեակ չեմ, բայց մենք կ՛ուզենք աւարտականի այդ մրցումը կատարել Մխիթարեանի հետ: Մեր ամէն կարելին պիտի...

«Փրեմիեր-Լիկ». Կոլերու Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ 2018-2019 Տարեշրջանին

Անգլիական մամուլը երէկ անդրադարձաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2018-2019 աւարտած տարեշրջանին` նշելով, որ 380 մրցումի ընթացքին նշանակուած 1072 կոլերը նոր մրցանիշի մը հաստատումն են: Նախկին մրցանիշը հաստատուած էր 2011-2012 տարեշրջանին, երբ 20 խումբերը նշանակած էին 1066 կոլ: Նախորդ տարեշրջանին նշանակուած էր 1018 կոլ միայն: Այսպիսով, միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակուեցաւ 2,82 կոլ: Ամէնէն շատ կոլը նշանակեց ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի (95), փոխախոյեան Լիվըրփուլ...

Ռէալ Մատրիտ Կրկնեց 20 Տարուան Իր Անյաջողութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ կրեց այլ պարտութիւն մը Ռէալ Սոսիետատէն` 3-1 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը արքայական ակումբին համար եղաւ տարեշրջանի 17-րդը` բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին: 21-րդ դարուն անիկա առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛արձանագրէ այսպիսի անյաջողութիւն: Վերջին անգամ Ռէալ Մատրիտ տարեշրջանի մը ընթացքին 17 պարտութիւն կրած էր 20 տարի առաջ` 1998-1999 տարեշրջանին:...

Գերմանական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Գերմանիոյ ֆութպոլի «Բ. Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եան Ռեկենսպուրկ 5-3 արդիւնքով յաղթեց առաջին դիրքը արդէն իսկ ապահոված Քէօլնին: Յաղթական կազմէն ելոյթ ունեցող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան տուպլէ մը իրագործեց (34-րդ եւ 68-րդ): Ադամեանի կազմը այժմ 48 կէտով կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ:

Պիչ-Ֆութպոլ.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Տիտղոսակիր` Թայլանտի Մէջ

Պիչ-Ֆութպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Տիտղոսակիր` Թայլանտի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ տիրացաւ Թայլանտի «Պիչ-ֆութպոլ ֆայվ» 2019-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Պէտք է նշել, որ Լիբանան կազմը հետզհետէ կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը եւ միջազգային գետնի վրայ ձեռք կը ձգէ յաւելեալ փորձառութիւն: Նշենք, որ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի խմբապետ եւ բերդապահ Յարութ Սարգիս: Ան...

Կռփամարտ. Պաչքով` Ոսկի, Յովհաննիսեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ս. Փեթերսպուրկի (Ռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), աւարտականին յաղթելով ռուս Իլիա Փոփովին, տիրացաւ ոսկի մետալին: Իսկ 49 քկ դասակարգին մէջ թէեւ Արթուր Յովհաննիսեան հասաւ աւարտականին, բայց պարտուելով քուպացի իր մրցակիցէն, տիրացաւ արծաթ մետալին, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն աւելի առաջ պրոնզէ մետալներու տիրացած էին Արման Դարչինեան (75 քկ) եւ Գուրգէն...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի Պաշտպանեց Տիտղոսը

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Պաշտպանեց Տիտղոսը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին միայն յստակացաւ Անգլիոյ ախոյեանին անունը: Մանչեսթըր Սիթի հանդիսացաւ 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` պաշտպանելով տիտղոսը եւ իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով բարձրացնելով բաժակը: Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը վերջին հանգրուանին 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրայթընի դաշտէն: Այսպիսով, Սիթի տարեշրջանը աւարտեց 98 կէտով` կէտի մը առաւելութեամբ միայն գերազանցելով Լիվըրփուլը, որ 2-0 արդիւնքով...

«Պունտըսլիկա». Գերմանիոյ Ախոյեանին Անունը Պիտի Վճռուի Վերջին Հանգրուանին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները դարձեալ չվճռեցին երկրին ախոյեանին անունը: Յաղթանակի մը պարագային, Պայէրն Միւնիխ պիտի հռչակուէր ախոյեան: Բայց անիկա 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Լայփցիկի դաշտէն: Պայէրն այժմ երկու կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտի վրայ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր դաշտին վրայ` Ֆորթունա Տիւսելտոլֆի դէմ: Տորթմունտի կոլերը նշանակեցին Քրիսթիան...

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Ապահովեց Արեւմտեան Շրջանի Աւարտականի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ ապահովեց արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Ռոքեթց - Ուորիըրզ մրցումէն Ուորիըրզ, որ Հիուսթընի մէջ արձանագրեց 118-113 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս վեցերորդ մրցումին գերազանցեց իր մրցակիցը` 4-2 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 33 կէտ, մինչ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն` 35 կէտ:...

Page 705 of 1279 1 … 704 705 706 … 1,279

Արխիւներ