Անգլիական մամուլը կը հաղորդէ, որ Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց իր գլխաւոր մարզիչին` Եիւրկըն Քլոփին:
Եթէ նոր պայմանագրութեան համաձայն գտնուի Քլոփ, անիկա նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Անիկա իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ աշխատավարձի յաւելում ալ` 7 միլիոն սթերլինկէն 8,5 միլիոն սթերլինկ:
51 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022:
Քլոփ, որ 2015-էն ի վեր կը գլխաւորէ Լիվըրփուլը, իր կազմին հետ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը հասնի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին: