Մարզական

Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Օպրատովիչի Լիբանան Ժամանումին Մասին

Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Օպրատովիչի Լիբանան Ժամանումին Մասին

Կազմակերպութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ»-ի, գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Չեմփս» մարզական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ պասքեթպոլի սերպ միջազգային եւ անուանի փորձառու մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչի Լիբանան ժամանումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 28-29 յունիսին: Ան առաջին անգամ ըլլալով Միջին Արեւելք կը հասնի երկու օրուան ժամանակամիջոցին` մարզիչներու յատուկ դասընթացք տալու եւ անոնց յայտնելու շատ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Գահիրէ

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 18-25 յունիսին տեղի ունենալիք Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս): Լիբանանէն բացի ախոյեանութեան կը մասնակցին Եգիպտոս, Թունուզ, Ալճերիա եւ Սէուտական Արաբիա: Մարոք եւ Սուտան քաշուեցան ախոյեանութենէն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Փաթրիք Լահուտ, իսկ խումբին մարզիչն է Փաթրիք Սապա: Իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են` Եուսեֆ Խայեաթ, Սթիւըն Ֆարահ, Քարլ...

Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ 1-0 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Ամմանէն

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Ամմանէն (Յորդանան), ուր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց տեղւոյն Ուահատաթ խումբին դէմ` Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Մոհամետ Քատտուհ (78-րդ)` փոխանցում մը ստանալէ ետք Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Մոհամետ Հայտարէն: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին` Քամիլ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հայկական Խումբերուն Մրցակիցները

Երէկ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային Հայաստանի ախոյեան Արարատ - Արմենիա իրեն մրցակից պիտի ունենայ շուէտական «Ա. Ի. Ք.» խումբը: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 կամ 10 յուլիսին, դարձի մրցումը` 16 կամ 17 յուլիսին: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցաշարքին, փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան կը մրցի Շքուփիի դէմ (Մակեդոնիա), պրոնզէ...

Միշել Փլաթինի Ձերբակալուեցաւ Ֆրանսայի Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախկին նախագահ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի մարզիկ Միշել Փլաթինի Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուեցաւ` 2022-ի Մոնտիալին կայացման իրաւունքը Քաթարին տալու հետ կապուած կաշառակերութեան գործի հետաքննութեան շրջագիծին մէջ: Նշուեցաւ, որ 2022-ի մոնտիալին կայացման վայրին ընտրութենէն մէկ օր առաջ, Փլաթինի յատուկ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ Քաթարի գահաժառանգ, այժմ այդ երկրի ղեկավար Թամիմ...

Թենիս.  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ սկսած թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց սերպ Միոմիր Քեցմանովիչի: Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,2 միլիոն եւրօ: ՊԻՐՄԻՆԿՀԵՄԻ մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը...

Թոթթի Հեռացաւ Ա. Էս. Ռոմայի Տնօրէնի Պաշտօնէն

Ա. Էս. Ռոմայի անցեալի խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի, հեռացաւ իտալական ակումբի տնօրէնի պաշտօնէն, յայտնեց ան իր տուած յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: 2006-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Թոթթի Ա. Էս. Ռոմայի հետ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2017-ին, որմէ անմիջապէս ետք նշանակուեցաւ ակումբի տնօրէն: Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստը ըսաւ, թէ դժգոհ կը մնար այն գլխաւոր կէտէն, որ ակումբին մէջ կարեւոր որոշումները...

Պարսելոնա Պատրաստ Է Տեմպելէն, Ռաքիթիչը Եւ Ումթիթին Փոխարինելու Նէյմարի Հետ

Միջազգային շարք մը մարզական կայքերու համաձայն, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար մօտ է իր նախկին ակումբը` Պարսելոնա վերադառնալու: Քաթալոնական ակումբի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու կը բանակցի պրազիլցի ֆութպոլիստին հետ, որ անոր գործակալն է: Պարսելոնա պատրաստ է ֆրանսական ակումբին վճարելու 100 միլիոն եւրօ եւ փոխարէնը անոր տալու Ուսման Տեմպելէն, Իվան Ռաքիթիչը եւ Սամուէլ Ումթիթին: Թէեւ Փարիզ Սեն...

Ռէալ Մատրիտ Ռոտրիկեզի Փոխանցումէն Կ՛ակնկալէ 55 Միլիոն Եւրօ

Իտալական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց շարքին են` Եուվենթուս, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Նափոլի: Կը նշուի, որ արքայական ակումբը անոր փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 55 միլիոն եւրօ: Վերջին երկու տարեշրջաններուն ան փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխի: Սակայն գերմանական ակումբը չուզեց անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար Ռէալ Մատրիտին վճարել 42 միլիոն եւրօ:  

«Քոփա Ամերիքա»  Չիլի Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ճափոնը

«Քոփա Ամերիքա» Չիլի Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ճափոնը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ճափոն, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Չիլիէն: Նոյն խմբակին մաս կազմող Ուրուկուէյ նոյն արդիւնքով յաղթեց Էքուատորին: Վերոնշեալ երկուքէն բացի, իրենց կարգին մէկական յաղթանակ արձանագրած են նաեւ Պրազիլ եւ Քոլոմպիա:  

Նախարար Ֆընէյշ – Աքրամ Հալապի Հանդիպում

Նախարար Ֆընէյշ – Աքրամ Հալապի Հանդիպում

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին, որ վերջերս Հնդկաստանի մէջ ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ: Նախարարը շնորհաւորելէ ետք Հալապին, յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր նոր ասպարէզին գծով: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին իրագործելիք յառաջիկայի ծրագիրները: PROFOTO

Ֆութպոլի Վեթերաններու Մրցաշարք. ՀՄԸՄ – Շարք` 2-3

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, երէկ` երկուշաբթի, 17 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ սկսաւ վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ութ խումբերու, բաժնուած` երկու խմբակի: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ, Շարք, Ահլի Սարպա եւ Անսար: Իսկ Բ. խմբակին մէջ են Սաժես, Ռասինկ, Զղարթա եւ Թրիփոլի: Բացման մրցումը իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ-ը եւ Շարքը: Անիկա աւարտեցաւ Շարքի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով: 18-րդ...

18 Համալսարաններէ 1000 Մարզիկներ Մասնակցեցան «Իւնիվերսիատ – 2019»-ին

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 18 համալսարաններէ 1000 մարզիկներ մասնակցեցան «Իւնիվերսիատ-2019»-ի մրցումներուն: Պէյրութի ամերիեկան համալսարանը հիւրընկալեց մրցումներուն մեծամասնութիւնը: Տեղի ունեցան պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, ֆութսալի, մինի ֆութպոլի, հենտպոլի, փինկ փոնկի, թենիսի, լողարշաւի եւ ճատրակի մրցումներ: Այս մրցումները վերջին անգամ տեղի ունեցած էին 2005-ին: Խաղերուն աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք, յատուկ անձերու տրուեցան յուշանուէրներ:  

Հենտպոլ. Սատաքա Լիբանանի Ախոյեանի Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Սատաքա հանդիսացաւ Լիբանանի հենտպոլի ախոյեան, երբ աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին 31-25 արդիւնքով յաղթեց հրշէջներու խումբին եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին: Աւարտական այս երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ Հաթեմ Աշուր մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնի անդամներուն:

Արթուր Ալեքսանեան Խոր Վիրապի Մէջ Վառեց Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Երկրորդ Ջահը

Արթուր Ալեքսանեան Խոր Վիրապի Մէջ Վառեց Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Երկրորդ Ջահը

Երէկ Խոր Վիրապի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն հանդիսաւոր ձեւով վառուեցաւ Համահայկական խաղերուն երկրորդ ջահը: Զայն վառեց ողիմպիական ախոյեան, ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան: Ան ըսաւ, թէ մարզաշխարհը միջոց է` համախմբելու համար հայութիւնը: Համահայկական խաղերու խորհրդանշական երեք ջահ նախատեսուած է վառել այս անգամ: Առաջինը վառեցաւ Կիլիկիոյ մէջ` Մուսա լերան ստորոտին, իսկ երրորդը պիտի վառի քանի մը օր ետք, Արցախի մէջ` Տիգրանակերտ: 6 օգոստոսին...

Մխիթարեանի Պսակադրութիւնը` Ս. Ղազարու Վանքին Մէջ

Երէկ Վենետիկի Մխիթարեաններու Ս. Ղազարու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի պսակադրութեան արարողութիւնը: Մխիթարեան պսակուեցաւ Պեթի Վարդանեանի հետ:

Ֆութսալ. Այսօր Եւ Վաղը` Իտալիա – Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ ներկայիս կը գտնուի Իտալիա, բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ դէմ` 18 եւ 19 յունիսին: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան: Հաւաքականին մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանէն բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան:

Ճատրակ. «Նորուէյ-Չես». Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Նորվեկիոյ Սթավակներ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ «Նորուէյ-Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան վերջին հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի դէմ: Անոնց միջեւ հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Առաւելագոյն 23 կէտէն 10,5 կէտ ապահովելով Արոնեան հանդիսացաւ երրորդ: Աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն յաղթողի կոչումը ապահոված էր նախավերջին հանգրուանին:

Նոր Մարզիկներու Փոխանցման Համար. Ինթեր Միլանի Մարզիչին Յատկացուեցաւ 120 Միլիոն Եւրօ

Իտալական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ինթեր Միլանի նոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին յատկացուեցաւ 120 միլիոն եւրօ` այս ամրան ընթացքին նոր մարզիկներու փոխանցման յատկացնելու համար: 49 տարեկան մարզիչը կ՛ուզէ իր կազմին մէջ տեսնել Ռոմելու Լուքաքուն (Մանչեսթըր Եունայթըտ), Էտին Ծեքոն (Ա. Էս. Ռոմա) եւ Նիքոլօ Պարելան (Քալիարի): Քոնթէ, որ փոխարինեց Լուչիանօ Սփալեթթին, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ինթերի հետ:  

Պայէրն Կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտէն Փոխ Առնել Պէյլին

  Գերմանական մամուլին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտէն փոխ առնել Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Կերըթ Պէյլը: Նշուեցաւ, որ Պայէրն պատրաստ է վճարելու 29 տարեկան ֆութպոլիստին ամբողջ աշխատավարձը: Անոր փոխանցման արժէքը այժմ կը գնահատուի 60 միլիոն եւրոյով: Նախորդ տարեշրջանին ան 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ: Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ նախատեսուած...

Page 692 of 1279 1 … 691 692 693 … 1,279

Արխիւներ