Նախորդ շաբաթավերջին Նորվեկիոյ Սթավակներ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ «Նորուէյ-Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան վերջին հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի դէմ:
Անոնց միջեւ հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Առաւելագոյն 23 կէտէն 10,5 կէտ ապահովելով Արոնեան հանդիսացաւ երրորդ:
Աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն յաղթողի կոչումը ապահոված էր նախավերջին հանգրուանին: