Ա. Էս. Ռոմայի անցեալի խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի, հեռացաւ իտալական ակումբի տնօրէնի պաշտօնէն, յայտնեց ան իր տուած յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
2006-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Թոթթի Ա. Էս. Ռոմայի հետ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2017-ին, որմէ անմիջապէս ետք նշանակուեցաւ ակումբի տնօրէն:
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստը ըսաւ, թէ դժգոհ կը մնար այն գլխաւոր կէտէն, որ ակումբին մէջ կարեւոր որոշումները կ՛ընդունուէին, առանց իր մասնակցութեան: