Պայէրն Կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտէն Փոխ Առնել Պէյլին
Գերմանական մամուլին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտէն փոխ առնել Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Կերըթ Պէյլը:
Նշուեցաւ, որ Պայէրն պատրաստ է վճարելու 29 տարեկան ֆութպոլիստին ամբողջ աշխատավարձը:
Անոր փոխանցման արժէքը այժմ կը գնահատուի 60 միլիոն եւրոյով:
Նախորդ տարեշրջանին ան 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը արքայական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2022:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական