Երէկ Խոր Վիրապի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն հանդիսաւոր ձեւով վառուեցաւ Համահայկական խաղերուն երկրորդ ջահը: Զայն վառեց ողիմպիական ախոյեան, ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան:
Ան ըսաւ, թէ մարզաշխարհը միջոց է` համախմբելու համար հայութիւնը:
Համահայկական խաղերու խորհրդանշական երեք ջահ նախատեսուած է վառել այս անգամ:
Առաջինը վառեցաւ Կիլիկիոյ մէջ` Մուսա լերան ստորոտին, իսկ երրորդը պիտի վառի քանի մը օր ետք, Արցախի մէջ` Տիգրանակերտ:
6 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 7-րդ խաղերուն հանդիսաւոր բացումը, երբ երեք ջահերը Ստեփանակերտի մէջ կը միանան` խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախ – սփիւռք ամբողջութիւնը:
Համահայկական 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-17 օգոստոսին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: