Մարզական

ՖԻՖԱ-ն Բեկանեց Ռայոլայի Որակազրկումը

Միջազգային մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ՖԻՖԱ-ն բեկանեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշած որակազրկումի վճիռը` Մինօ Ռայոլայի ֆութպոլի գործունէութեան վրայ: Իտալական դատարանը ֆութպոլի գործակատարին դէմ սահմանուած կախակայումը արդարացուց ի նպաստ Ռայոլայի: 51 տարեկան Ռայոլա առանց որեւէ պատճառի երեք ամիսով կախակայուած էր: Իր կարգին, հետեւելով Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, ՖԻՖԱ-ն եւս այդ կախակայումը հաստատած էր անոր դէմ: Մարզական վճռաբեկ դատարանին («Սի. Էյ....

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կ՛ուզէ Ծախել Նէյմարը

Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը համաձայն է ծախել իր պրազիլցի աստղը` Նէյմարը, անշուշտ եթէ լաւ առաջարկ մը ստանայ անոր վերաբերեալ: Նշուեցաւ, որ Նէյմար իր կարգին կ՛ուզէ հեռանալ մայրաքաղաքի ակումբէն: Ֆութպոլիստին գործակատարը Սպանիոյ մէջ նոր ակումբ մը կը փնտռէ իր յաճախորդին համար:

Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթանակով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 16 յունիսին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի տարեշրջանին առաջին մրցումը, ֆետերասիոնի բաժակը` Թանիոս Միրի յիշատակին: Աւելի քան 60 հեծելանւորդներ մասնակցեցան մրցումին` ներկայացնելով 7 ակումբներ` ՀՄԸՄ, ՀՄՄ, Սալաաթա, Պայք Լեպանոն, Ալէյ, Լիբանանեան բանակ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը: Երէցներու մրցումին, Ռոյ Ռուքոզ եւ Սալահ Ռապպահ գրաւեցին առաջին եւ երրորդ դիրքերը (1 ժամ 57 վայրկեան եւ 7 երկվայրկեան)`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Մասնակցութեամբ 8 Խումբերու. ՀՄԸՄ – Շարք Բացման Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարքը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, այսօր` երկուշաբթի, 17 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ սկիզբ կ՛առնէ վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ, Շարք, Ահլի Սարպա եւ Անսար: Բ. խմբակին մաս կազմող խումբերն են Սաժես, Ռասինկ, Զղարթա եւ Թրիփոլի: Մրցումները տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր շաբթուան (երեք շաբթուան վրայ) առաջին երկու օրերը: Երեք շաբաթ ետք յստակացած կ՛ըլլան...

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք.  Շաբաթ, 22 Յունիսին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Աւարտական Մրցումը

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. Շաբաթ, 22 Յունիսին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Աւարտական Մրցումը

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցումները յաջորդաբար երրորդ շաբաթն ըլլալով շարունակուեցան շաբաթ, 15 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ` բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Ռաուտա 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՀՄԸՄ Այնճարի դէմ: Իսկ երկրորդ մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Ֆանարին: Այս մրցաշարքին վերջին հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ շաբաթավերջին: Շաբաթ, 22 յունիսին, երրորդ դիրքի մրցումին ՀՄԸՄ Ռաուտա...

Հայաստանի Ֆութպոլի 2018-2019 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Մրցանակակիրներուն Պարգեւատրումը

Հայաստանի Ֆութպոլի 2018-2019 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Մրցանակակիրներուն Պարգեւատրումը

Շաբաթ, 15 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտած ախոյեանութեան մրցանակակիրներուն պարգեւատրումը: Հայաստանի ախոյեան Արարատ - Արմենիա խումբին ոսկի մետալներն ու տիտղոսը յանձնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան: Պարգեւատրուեցան նաեւ փոխախոյեան Փիւնիկն ու պրոնզէ մետալակիր Բանանցը: Լաւագոյն ռմբարկուի մրցանակը տրուեցաւ Լոռիի յառաջապահ Ճոնել Տեսիրէին (17 կոլ): Ա. դասակարգի ախոյեան Եունիոր Սեւան ստացաւ տիտղոսը...

«Տապըլիու. Պի. Էյ.» Արտեոմ Դալաքեան Երրորդ Անգամն Ըլլալով Պաշտպանեց Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Ուքրանահայ Արտեոմ Դալաքեան նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց արհեստավարժ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանի կոչումը` թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ: Քիեւի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանը մենամարտեցաւ թայլանտցի Սարաւութ Թաւորնամի դէմ եւ 10-րդ ռաունտին նաք-աութով յաղթանակ մը արձանագրեց: 31 տարեկան Դալաքեան երրորդ անգամն ըլլալով կը պաշտպանէ փետրուար 2018-ին իր տիրացած տիտղոսը:

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Յաղթեց Բացման Մրցումին. Արժանթին Պարտուեցաւ

Շաբաթ, 15 յունիսին, Պրազիլի մէջ սկիզբ առաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը: Էսթատիօ տօ Մորումպիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած բացման մրցումին, որուն ներկայ էր աւելի քան 46 հազար հանդիսատես, հիւրընկալ խումբը` Պրազիլ, 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Պոլիվիոյ դէմ: Ֆիլիփ Քութինիօ նշանակեց 2 կոլ (50-րդ` փենալթիով եւ 53-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Էվըրթոն (85-րդ): Ա. խմբկին մէջ անոնց հետ եղող...

Ռէալ Մատրիտ 168 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Սալահի Համար

Անգլիական «Միրըր»-ի համաձայն, այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները աշխուժանալ, Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս մեծ աշխատանք պիտի տանին` իրենց կազմին միացնելու Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը: Անոնք երկուքն ալ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ են վճարելու 168 միլիոն եւրօ: Սակայն կը նշուի, որ եգիպտացի Սալահ մտադիր չէ հեռանալ իր մարզիչէն` Եիւրկըն Քլոփէն, մինչ անգլիական կազմին ղեկավարութիւնը...

Մաուրիցիօ Սարի Նշանակուեցաւ Եուվենթուսի Մարզիչ

Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ լոնտոնեան Չելսիէն հեռացած 60 տարեկան իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Մաուրիցիօ Սարի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Ան մինչեւ 30 յունիս 2022 պայմանագրութիւն մը կնքեց Իտալիոյ ախոյեանին հետ: Ան այսպիսով փոխարինեց Մասիմիլիանօ Ալեկրին, որ եղաւ խումբին մարզիչը` 2014-էն 2019: Սարի նախապէս եղած է նաեւ Նափոլիի, Սորենթոյի եւ Էմփոլիի մարզիչ:

20 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն> Ուքրանիա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը` Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ: Հակառակ անոր որ ասիական կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն Ուքրանիա, պատասխանելով երեք անգամ եւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած խումբը այս մրցաշարքին ոչ մէկ պարտութիւն կրեց, իսկ փլէյ-օֆի մրցումներուն...

Երկուշաբթի, 17 Յունիսին. Նախարար Ֆընէյշ – Աքրամ Հալապի Հանդիպում

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երկուշաբթի, 17 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ընդունի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին, որ վերջերս ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Ֆընէյշ պիտի շնորհաւորէ Հալապին` անոր մաղթելով յաջողութիւն իր նոր պաշտօնին գծով:

Մինի Ֆութպոլ. «Միթսիւլիֆթ» Հանդիսացաւ «Քօ-Լիկ» Ընկերութիւններու Տիտղոսակիր

«Սփորթ Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած մինի ֆութպոլի «Քօ լիկ» ընկերութիւններու մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ «Սփորթց Էվընիու» մարզադաշտին վրայ (Հազմիէ) տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը: «Միթսիւլիֆթ» հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մուաուատ գրախանութի խումբին: «Քազինօ Տիւ Լիպան» հանդիսացաւ երրորդ, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Այ. Թի. Ճի.»-ին: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Սփորթ Մանիա» ընկերութեան պատասխանատուներուն:

Լիբանանեան Համալսարաններու «Իւնիվերսիատ»-ը Կը Վերսկսի 14 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք

Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, երեսփոխան Էտի Մաալուֆի եւ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտի, իրենց աւարտին կը հասնին համալսարաններու մարզական 2018-2019 տարեշրջանի խաղերը, որոնք կազմակերպուեցան Լիբանանեան համալսարաններուն «Իւնիվերսիատ»-ին կողմէ: Այս խաղերը վերջին անգամ տեղի ունեցան 2005-ին: Այս խաղերուն կը մասնակցին 15 համալսարաններէ 800 ուսանողներ, որոնք կը մասնակցին պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, մինի ֆութպոլի, հենտպոլի, փինկ փոնկի, թենիսի, լողարշաւի...

«Պեք-Քամըն»-ի Ֆետերասիոն. Էմիլ Շաղուրի` Նախագահ, Ժոզեֆ Խէյրալլա` Ընդհանուր Քարտուղար

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յատուկ հրամանագիր մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը վաւերացնէ Լիբանանի «Պեք-Քամըն»-ի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Այսպիսով, Էմիլ Էտմոն Շաղուրի կ՛ըլլայ նախագահ, Շարպել Էլիաս Սալամէ` փոխնախագահ, Ժոզեֆ Խէյրալլա` ընդհանուր քարտուղար, Ճօ Ղասսան Մեուշի` գանձապահ, իսկ Մարի-Թերեզ Ժոզեֆ Թաննուրի` հաշուապահ: Նախարարութիւնը ընտրուած ֆետերասիոնին արտօնութիւն տուաւ կազմակերպելու տեղական մրցաշարքեր եւ մասնակցելու միջազգային մրցաշարքերու` օրէնքի սահմաններուն մէջ: Նոր ֆետերասիոնին պաշտօնավարութիւնը պիտի...

Արտակ Դաշեան Վերադարձաւ Բանանց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արտակ Դաշեան վերադարձաւ Բանանց, յայտնեց հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը: 29 տարեկան Դաշեանի վերջին ակումբը եղած էր Ալաշկերտ Երեւանը: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Դաշեան նշանակած է 41 կոլեր, որոնցմէ 15-ը` Բանանցի հետ:  

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Շահգելդեան` Նորաստեղծ Ուեսթ Արմենիա Խումբին Գլխաւոր Մարզիչ

Նորաստեղծ Ուեսթ Արմենիա ֆութպոլի ակումբի պաշտօնական կայքը հաղորդեց որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ փորձառու եւ վաստակաշատ Արմէն Շահգելդեանը: Նոր տարեշրջանին խումբը ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Փորձերու եւ ախոյեանութեան մրցումներուն խումբին դաշտը պիտի ըլլայ Միքա մարզադաշտը: Ուեսթ Արմենիա ակումբին ղեկավարութիւնը երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ անոնք, որոնց տարիքը 17 եւ վեր է եւ կ՛ուզեն...

Մոտրիչ Թիւ 10 Մարզաշապիկը Չզիջեցաւ Հազարին

Մոտրիչ Թիւ 10 Մարզաշապիկը Չզիջեցաւ Հազարին

Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ պելճիքացի միջազգային ֆութպոլիստ Էտեն Հազարի շնորհահանդէսը: 28 տարեկան Հազար, որ Չելսիէն փոխանցուեցաւ արքայական ակումբին, յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Անոր փոխանցումը արժեց 100 միլիոն եւրօ, մինչ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 11 միլիոն եւրօ: Յայտնենք, որ 50 հազար հանդիսատեսը այդքան ալ...

Թորոնթօ Ռեփթըրզ Քանատական Առաջին Խումբը, Որ Կը Հանդիսանայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ախոյեան

Թորոնթօ Ռեփթըրզ Քանատական Առաջին Խումբը, Որ Կը Հանդիսանայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վեցերորդ ճակատումը, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի միջեւ, եկաւ վերջ դնելու 2018-2019 տարեշրջանին` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած արդիւնքին լոյսին տակ յստակացաւ նոր ախոյեանին անունը: Ռեփթըրզ, որ 114-110 արդիւնքով յաղթեց եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցեց երկրին գործող ախոյեանը, այսպիսով հանդիսացաւ քանատական առաջին խումբը, որ կը հանդիսանայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: Այսպիսով, անիկա արգելք հանդիսացաւ...

«Փրեմիեր-Լիկ». Լիվըրփուլ – Նուրուիչ Բացման Մրցումով Կը Սկսի 2019-2020 Տարեշրջանը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց «Փրեմիեր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի յայտագիրը: 9 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Ա. հանգրուանի բացման մրցումը` Լիվըրփուլ - Նորուիչ ճակատումով: 10 օգոստոսին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ ճակատումները. Ուեսթ Համ - Մանչեսթըր Սիթի Փորթցմաութ - Շեֆիլտ Եունայթըտ Պարնլի - Սաութհեմփթըն Քրիսթալ Փալաս - Էվըրթըն Լայսթըր Սիթի - Վուլվզ Ուաթֆորտ - Պրայթըն Թոթենհամ - Ասթոն Վիլա Իսկ 11 օգոստոսին Նիւքասըլ...

Page 693 of 1279 1 … 692 693 694 … 1,279

Արխիւներ