Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 18 համալսարաններէ 1000 մարզիկներ մասնակցեցան «Իւնիվերսիատ-2019»-ի մրցումներուն:
Պէյրութի ամերիեկան համալսարանը հիւրընկալեց մրցումներուն մեծամասնութիւնը:
Տեղի ունեցան պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, ֆութսալի, մինի ֆութպոլի, հենտպոլի, փինկ փոնկի, թենիսի, լողարշաւի եւ ճատրակի մրցումներ:
Այս մրցումները վերջին անգամ տեղի ունեցած էին 2005-ին:
Խաղերուն աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք, յատուկ անձերու տրուեցան յուշանուէրներ: