Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին, որ վերջերս Հնդկաստանի մէջ ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ:
Նախարարը շնորհաւորելէ ետք Հալապին, յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր նոր ասպարէզին գծով:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին իրագործելիք յառաջիկայի ծրագիրները:
PROFOTO