Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Սատաքա հանդիսացաւ Լիբանանի հենտպոլի ախոյեան, երբ աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին 31-25 արդիւնքով յաղթեց հրշէջներու խումբին եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին:
Աւարտական այս երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ Հաթեմ Աշուր մարզադաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հենտպոլի ֆետերասիոնի անդամներուն: