Կազմակերպութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ»-ի, գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Չեմփս» մարզական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ պասքեթպոլի սերպ միջազգային եւ անուանի փորձառու մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչի Լիբանան ժամանումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 28-29 յունիսին:
Ան առաջին անգամ ըլլալով Միջին Արեւելք կը հասնի երկու օրուան ժամանակամիջոցին` մարզիչներու յատուկ դասընթացք տալու եւ անոնց յայտնելու շատ կարեւոր գիտելիքներ:
«Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ֆուատ Ժըրժես յայտնեց, որ անոր Լիբանան ժամանումին դասաւորումները եւ կարգադրութիւնները կատարելը այդքան ալ դիւրին չեղան: Սակայն բաւական ճիգ թափելէ ետք, աւելցուց ան, կարելի եղաւ անոր Լիբանան գալուն հարցը դասաւորել:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, «Չեմփս» ակումբի սեփականատէր, անուանի պասքեթպոլիստ Ֆետի Խաթիպ, լիբանանցի մարզիչներ, մեծ թիւով մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Իրենց կարգին խօսք առնելով` թէ՛ Թոնի Խալիլ եւ թէ՛ Ֆետի Խաթիպ բոլոր մարզիչներուն թելադրեցին, որ Օպրատովիչի Լիբանան այցելութենէն մեծապէս օգտուին եւ անկէ ձեռք ձգեն առաւելագոյն գիտելիքներն ու տեղեկութիւնները, որոնք բնականաբար պիտի ըլլան, միայն ի նպաստ Լիբանանի պասքեթպոլի զարգացման:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՆԹՈՆԻ ՖԼԷՅՀԱՆ