Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Ամմանէն (Յորդանան), ուր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց տեղւոյն Ուահատաթ խումբին դէմ` Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Մոհամետ Քատտուհ (78-րդ)` փոխանցում մը ստանալէ ետք Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Մոհամետ Հայտարէն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ: