Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ սկսած թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց սերպ Միոմիր Քեցմանովիչի:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,2 միլիոն եւրօ:
ՊԻՐՄԻՆԿՀԵՄԻ մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-16րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին 6-3, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 7-րդ դիրքին վրայ գտնուող ուքրանացի Էլինա Սվիթոլոնան:
24 տարեկան Գասպարեան աշխարհի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 62-րդ դիրքը:
Ան այժմ պիտի փորձէ քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովել: