– Յարութիւնեան Եւ Առաքելեան`
Պրոնզէ Մետալակիրներ
Յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, Էտմոնտ Նազարեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ոսկի մետալ ապահովեց Պուլկարիոյ համար:
Էտմոնտ Նազարեան վերանկախացած Հայաստանի առաջին ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանի որդին է:
51 քկ դասակարգին մէջ ան 10-0 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակից Պարըշ Էրպեքին:
Ան քառորդ աւարտականին յաղթանակ արձանագրած էր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Նիհատ Կիւլուզատէի դէմ:
Իսկ կիսաւարտականին Նազարեան յաղթեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Արմէն Յարութիւնեանին, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին 6-3 արդիւնքով յաղթեց նոյնինքն Կիւլուզատէին:
Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հոմերոս Առաքելեան, որ 45 քկ դասակարգին մէջ 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռոքաս Չեփուասքասի (Լաթվիա) դէմ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ իտալական Ֆայենցա քաղաքին մէջ: