Ռոպերթ Մորենօ` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչ
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ռոպերթ Մորենօ նշանակուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
Լուիս Էնրիքէի տուած հրաժարականէն ետք, 41 տարեկան Մորենօ ստանձնեց անոր պաշտօնը:
Ան արդէն իսկ քանի մը մրցում գլխաւորած էր Սպանիոյ ազգային խումբին հետ: Ան Էնրիքէի օգնականն էր:
Էնրիքէ անձնական պատճառներով բացակայ էր ազգային խումբէն:
Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա ցարդ կատարած է չորս մրցում եւ արձանագրած նոյնքան յաղթանակ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական