Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Արժանթին պարտութեամբ սկսելէ ետք մրցաշարքը, իր կատարած երկրորդ մրցումին այլ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Փարակուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Լիոնել Մեսսի փենալթիով նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (57-րդ): Փարակուէյ նշանակած էր մրցումին առաջին կոլը (37-րդ), մինչ անոր մէկ այլ մարզիկը 62-րդ վայրկեանին չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Քոլոմպիա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը Քաթարի դէմ` 1-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քոլոմպիա ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, եւ կը կարծուի, որ անիկա իր կատարելիք վերջին մրցումին հիմնական մարզիկներով դաշտ պիտի չներկայանայ` զանոնք հանգստացնելու համար:
Եթէ պատահի, որ Փարակուէյ վերջին մրցումին յաղթէ Քոլոմպիոյ, Արժանթին դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն, ինչ ալ որ ըլլայ Քաթարի դէմ անոր կատարելիք մրցումին արդիւնքը:
Ստորեւ` Բ. խմբակին դասաւորման պատկերը.
ԿԷՏ | |
1.- Քոլոմպիա | 6 (3-0) |
2.- Փարակուէյ | 2 (3-3) |
3.- Քաթար | 1 (2-3) |
4.- Արժանթին | 1 (1-3) |