Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ (Պուսթրոս պալատ) ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին:
Այս հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլ շնորհաւորեց Հալապին, որ վերջերս ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ:
Նախարարը յաջողութիւն մաղթեց Հալապիին` իր նոր պաշտօնավարութեան գծով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պասքեթպոլի գծով այլ հարցեր:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Աքրամ Հալապի շաբաթ, 22 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00, պիտի ընդունի շնորհաւորութիւններ, Ռապուէի շրջանին մէջ գտնուող «Լիքաա» պանդոկին մէջ (յոյն կաթողիկէներու պատրիարքութեան մօտ):