Սամտորիայի նախկին մարզիչ Մարքօ Ճիամփաուլօ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ` այսպիսով փոխարինելով Կենարօ Կաթուզոն:
51 տարեկան Ճիամփաուլօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին եղած է նաեւ Էմփոլիի, Քրեմոնեզէի, Պրեշիայի, Սեսենայի, Քաթանիայի, Սիեննայի եւ Քալիարիի մարզիչ:
Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յուլիսին:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի աւարտած տարեշրջանին Ա. Սէ. Միլան 68 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը: