Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Իտալիա – Հայաստան ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումը մնաց անաւարտ` նկատի ունենալով, որ իտալացիները չպահեցին ֆեր-փլէյի օրէնքները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցումին իտալացի իրաւարարները ընդհանրապէս կը սուլէին ի նպաստ Իտալիոյ: Անոնք քանի մը անգամ ալ փենալթի տուին դաշտին տէրերուն:
Նկատի ունենալով, որ անոնց կողմէ տրուեցաւ այլ փենալթի մըն ալ (մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ), հայկական կողմը բողոքեց եւ քաշուեցաւ մրցումէն, մինչ անոր աւարտին մնացած էր մէկ վայրկեան եւ քիչ մը աւելի: