Պրազիլի մէջ շարունակուող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, չկրցաւ յաղթել իր մրցակիցին` Վենեզուելլային` անոր հետ արձանագրելով 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Պրազիլ այժմ ունի 4 կէտ, մինչ Վենեզուելլա, որ արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը, ունեցաւ 2 կէտ:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Փերու, որ յաղթեց Պոլիվիոյ, այժմ Պրազիլի նման ունի 4 կէտ:
Պոլիվիա ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: