Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ ՖԻՖԱ-ի հրապարակած այն լուրին, թէ Քաթարէն կրնայ խլուիլ 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքը:
Նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի մէկ յանձնախումբը գաղտնի հանդիպումներ կը կատարէ` տեղեակ ըլլալու համար, թէ ո՛ր երկիրը կրնայ արագօրէն համաձայնիլ եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնել հիւրընկալելու 2022-ի մոնտիալը:
Բացի Քաթարէն, 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջարկած էին Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Աւստրալիա:
Կը կարծուի, որ Քաթարի թեկնածութիւնը յաջողցնելու գործին մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախկին նախագահ Միշել Փլաթինի կաշառակերութեամբ ամբաստանուած է:
Այս պատճառով ալ ան նախանցեալ օր ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննութեան կանչուեցաւ, ապա` ազատ արձակուեցաւ: