Ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը ժողով մը գումարելով քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Հաւանութիւն տրուեցաւ, որ «Լուիս Պազ Սփորթց Էնտ Իվենց» ընկերութիւնը կազմակերպէ մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած, ինչպէս նաեւ անկախ մարզիկները: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2-8 դեկտեմբերին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
1-3 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի անուան 15-րդ մրցաշարքը, Ժամհուր ակումբին մէջ:
3-9 սեպտեմբերին Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան ախոյեան Ժընուպ Թուլ, փոխախոյեան Լիուաա Սայտա (տղաք), ախոյեան Նատուա Քամաթիէ (ախոյեան) եւ փոխախոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութ (աղջիկներ):
Ֆետերասիոնը սկզբունքային հաւանութիւն տուաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ Ինտոնեզիոյ մէջ 15-22 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան, անշուշտ եթէ կարելի ըլլայ տղոց եւ աղջկանց խումբերուն նիւթական ծախսերը ապահովել:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ (14-15 դեկտեմբերին) միջերկրականեան խաղերու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի համագումարը:


