Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա որոշած է 11 յուլիսին պաշտօնապէս ներկայացնել իր նոր մարզիկը` Անթուան Կրիզմանը:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 28 տարեկան ֆրանսացին արդէն իսկ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի հետ` հեռանալէ ետք Աթլեթիքօ Մատրիտէն: