Հայաստանի երիտասարդ կռփամարտիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Խարքովի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացան 2 պրոնզ մետալի յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
64 քկ դասակարգին մէջ Արարատ Յարութիւնեան, իսկ 69 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Գրիգորեան հասան կիսաւարտականին` ապահովելով նուազագոյնը պրոնզէ մետալ:
Տակաւին մրցումներ ունին կատարելիք Ռուտոլֆ Գարբոյեան (49 քկ) եւ Արմէն Մանուկեան (69 քկ):